2014-05-25 08:46:53

Երուսաղէմ` հակիրճ տեղեկութիւններ։


Հրէական լեզուով,Երուշալայիմ = Շալէմ աստուծոյ հիմնադրութիւն: Արաբերէն (արաբական արշաւանքէն ետք), Al-Quds = Սուրբ վայր
Երուսաղէմը կանգնած է Միջերկրականի մակարդակէն 770 մեթր բարձրութեան վրայ եւ Մեռեալ ծովէն 1.165 մեթր բարձր:
Հին քաղաքը կը բարձրանայ երկու բլուրներու վրայ, շրջափակուած` 1542 թուի պարիսպով ուր պահուած են սրբազան յիշատակներ եւ կարեւոր յուշարձաններ Հին և Նոր Կտակարանէն` Առաջին տաճառը, Դաւիթի աշտարակը, Խաչի ցաւոտ ճանապարհը, Ձաղկանքի մատուռը, Սուրբ գերեզմանը, Ննջման եկեղեցին, եւայլն:
Երուսաղէմը բաժնուած է չորս շրջաններու: հրէական, քրիստոնէական, հայկական, իսլամական:
Հրէական շրջանը (հարաւ-արեւելք) բարձրադիր քաղաքն է Հերովդէսի ժամանակէն: Հոն կը գտնենք Իսրայէլեան աշտարակը, արեւմտեան աղաղակի պարիսպը։ Քրիստոնեայ շրջանը քաղաքի արեւմտեան կողմը կը գրաւէ. Ամենակարեւոր յուշարձաներն են, Սուրբ Գերեզմանի տաճարը, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին, սրբուհի Վերոնիքայի եկեղեցին Ցաւոց ճանապարհին վրայ: Իսլամական շրջանը, ամենա-ընթարձակ մասն է քաղաքին, կը պարփակէ շատ մը քրիստոնէական սրբազան վայրեր` Ցաւոց ճանապարհը, Ձաղկման վանքը, Սրբուհի Աննա եկեղեցին, Ecce Homo-յի մատուռը ինչպէս նաեւ Մզկիթի շրջափակը, Ժայռի գմբէթը, Al-Aqsa մզկիթը որ իսլամներուն երրորդ սրբազան վայրը կը նկատուի։ Իսկ հայկական շրջանը, կը գտնուի պարիսպին հարաւային կողմը եւ գրեթէ միայն հայերով բնակուած է որ առաջին դարերէն այստեղ տեղաւորուած են։ Հոն կը գտնուի Հայ Առաքելական Պատրիարքի Աթոռը, որ Սուրբ Երկրի երեք պահապաններէն մին է , Յոյն Ուղղափառներուն և Փոքր Եղբայրներու վանքին հետ միասին եւ որոնց իրավասութիւնը կը տարածուի Սուրբ Երկրի և Յորդանանի վրայ:
Երուսաղէմի նոր քաղաքը կը նայի դէպի Ռամալլահ հիւսիսէն, դէպի Բեթղեհէմ հարաւէն, կը թափանցէ անապատը արեւելքէն և Շեֆելայի արեւմուտքէն: Կէս միլիոն բնակիչ ունի, որոնց մէկ քառորդը արաբ են (մահմետական և քրիստոնեայ):
Իսրայելը ունի գրեթէ 20.700 քմ քառակուսի տարածութիւն։ Անոր սահմանակից երկրներն են` Լիբանանը հիւսիսէն, Սուրիան եւ Յորդանանը արեւելքէն, Եգիպտոսն ու Պաղեստինեան տարածքը արեւմուտքէն:
Իսրայէլը խորհրդարանական հանրապետութիւն է որ գրաւոր սահմանադրութիւն մը չունի. Օրէնսդրական իշխանութիւնը կ'իյնայ ազգային ժողովին վրայ (Knesset), կազմուած 120 երեսփոխաններէ՝ ընտրուած չորս տարուայ համար. Knesset-ը կ'ընտրէ հանրապետութեան նախագահը հինգ տարուայ համար. Առաջին նախարարը ընտրական ուղղակի իրաւունքով, բայց պէտք է Knesset-ի վստահութիւնն ունենայ. Իսրայէլեան Պետութիւնը հռչակուած է 14 մայիս 1948, ՄԱԿԻ (1947) որոշումի հիման վրայ, որ կը նախատեսէր Պաղէստինի բաժանումը երկու մասի, մին՝ արաբական, միւսը՝ հրէական:
Հիմնական համաձայնութեամբ, ստորագրուած 30 դեկտեմբեր 1993-ին, Սուրբ Աթոռը լիովին ճանչցաւ Իսրայէլի անկախ պետութիւնը, որուն շնորհիւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակեց անոր հետ 14 յունիս 1994-էն սկսեալ








All the contents on this site are copyrighted ©.